Little Angels Saturday School «Փոքրիկ հրեշտակներ» Շաբաթօրյա դպրոց

Skip to main content
Main Menu Toggle

Archbishop's Message

Սիրելի սաներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ Շաբաթնօրեայ Վարժարաններու,
Ուրախ ենք մեր ողջոյնի խօսքը Ձեզ յղելու Շաբաթնօրեայ դպրոցներու կայքէջի միջոցաւ, որ հրաշալի հնարաւորութիւն մըն է դպրոցներու աշխատանքները, ծրագրերը նոր որակով սփռելու ճանապարհին։
Մեր սիրելի սաներուն պիտի ցանկանանք ըսել, որ քաջ տեղեակ ենք ձեր ունեցած յաջողութիւններէն, ստացած գիտելիքներէն։ Մեծ ուրախութիւն կ’ապրինք մշտապէս՝ տեսնելով, թէ ի՜նչ խինդով կը մտնէք մեր եկեղեցւոյ կամարներէն ներս՝ Շաբաթնօրեայ դասերին մասնակցելու համար, թէ ինչ կենսուրախ մթնոլորտ կը թևածի Ձեր շուրջը։
Հոգևոր գիտելիքներով հարուստ, մայրենին իմացող, հայրենիքի հետ ամուր կապուած անհատն է, որ մեր օրերի մէջ կրնայ յաջողութիւններ ունենալ։
Մեր սիրելի ծնողներուն պիտի շնորհակալութիւն յայտնենք իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութեան այս հնարաւորութեանը հաղորդակից դարձնելու համար։
Մեր սիրելի ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն պիտի մաղթենք յարատեւ յաջողութիւններ աստուածահաճոյ իրենց առաքելութեան մէջ։
Աստուած թող իր հովանիին ներքոյ պահէ Արեւմտեան թեմի բոլոր Շաբաթնօրեայ Վարժարանները, սաները, ծնողները եւ ուսուցիչները։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան Թեմի